image

Ամերիկեան յանձնաժողով մը Ռուսիոյ գործողութիւնները «Ցեղասպանութիւն» կ՚որակէ

Ամերիկեան յանձնաժողով մը Ռուսիոյ գործողութիւնները  «Ցեղասպանութիւն» կ՚որակէ

Միացեալ Նահանգներու Սենատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը բանաձեւ ընդունած է, որով Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ գործողութիւնները կը ճանչցուի որպէս ուքրանացի ժողովուրդի ցեղասպանութիւն, յայտնած է svoboda.org-ը:

Փաստաթուղթը կը դատապարտէ Ռուսիան «Ուքրանիոյ ժողովուրդի դէմ ցեղասպանութիւն իրագործելու համար» եւ կոչ կ'ընէ ԱՄՆ-ին եւ դաշնակիցներուն շարունակելու աջակցիլ Ուքրանիոյ կառավարութեան, ինչպէս նաեւ հետաքննութիւն սկսիլ՝ ուղղուած այս սարսափելի յանցագործութիւններու մեղաւորները պատասխանատւութեան ենթարկելու համար։

Բանաձեւը ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին կոչ կ'ընէ «Մակնիթսքի օրէնքի» համաձայն պատժամիջոցներ սահմանել ցեղասպանութեան մէջ ներգրաւուած մարդոց դէմ։ Բանաձեւի հեղինակները, ի թիւս այլոց, եղած են դեմոկրատներ Պեն Քարտին եւ Ռիչարտ Պլումենթալը, ինչպէս նաեւ հանրապետական սենատորներ Լինտսի Կրեհըմը եւ Ճիմ Ռիշը։

«Փութին իր գործողութիւններով շատ յստակ ցոյց տուաւ, որ իր նպատակն է վերջ տալ ուքրանացի ժողովուրդի գոյութեան: Ես անձամբ տեսած եմ անոր դաժանութեան ապացոյցները Իրպինի եւ Քիեւի շրջանի այլ հատուածներուն մէջ», -ըսած է Ռիշ:

Միջազգային քրէական դատարանը կը հետաքննէ Ուքրանիոյ մէջ ենթադրեալ ռազմական յանցագործութիւնները։

Ռուսիա կը հերքէ, որ իր զինուորականները սպանած են խաղաղ բնակիչներ։ Աւելի վաղ Ուքրանիա ռուսական ռազմական ներխուժման կապակցութեամբ աշխարհի մի քանի երկիրներու խորհրդարաններ Ռուսիան յայտարարած էին ահաբեկչութեան հովանաւոր, իսկ Եւրոխորհրդարանը հաստատած էր նման  բանաձեւը։ Նմանատիպ փաստաթուղթեր արդէն մի քանի անգամ ներկայացուած են ԱՄՆ Քոնկրէսին, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը դեռ ընդունուած է: