Միացեալ Նահանգները այս ամառ կրնայ ենթարկուիլ ելեկտրականութեան լայնածաւալ անջատումներու, ինչպէս պատահեցաւ Սպանիոյ մէջ, նախազգուշացուցած է Միացեալ Նահանգներու ներքին գործոց նախարար Տակ Պերկամ:
«Տեսանք, թէ ինչ տեղի ունեցաւ այս շաբաթ Սպանիոյ մէջ։ Նոյնը կրնայ տեղի ունենալ Ամերիկայի մէջ արդէն այս ամառ»,- ըսած է նախարարը՝ Fox News-ին տուած հարցազրոյցին։
Նախարարը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներն այժմ բախում կ'ունենայ ելեկտրականութեան արտադրութեան հսկայական խնդիրներու հետ, եւ այս հարցին մէջ մեղաւոր է նախորդ վարչակազմը։