image

Թուրքիոյ մէջ մարդատար կառքը ինկած է ձորը․ Կայ 12 զոհ, 19 վիրաւոր

Թուրքիոյ մէջ մարդատար կառքը  ինկած է ձորը․ Կայ 12 զոհ, 19 վիրաւոր

Թուրքիոյ կեդրոնական Եոզղաթի մարզին մէջ մարդատար կառքի մասնակցութեամբ խոշոր վթար տեղի ունեցած է, որու հետեւանքով 12 մարդ զոհուած է, եւս 19-ը տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ ստացած։ Այս մասին հաղորդած է A Haber հեռուստաալիքը։

Լրատուամիջոցներու տուեալներով՝ հանրակառքը ընթացքի մէջ գլորուած է անդունդը։ Տուժած ուղեւորները տեղափոխուած են Սորկուն պետական հիւանդանոց։

Եոզղաթի նահանգապետ Մեհմետ Ալի Օզքանը յայտնած է, որ վթարի պատճառները պիտի պարզուին հետաքննութեան աւարտին։ Ըստ երկրի արդարադատութեան նախարար Եըլմազ Թունչի հաղորդած տեղեկատւութեան՝ հետաքննութիւնը արդէն սկսած է։