Պոլսոյ «Ժամանակ»էն վերահասու կը դառնանք, որ երկրի ոսկերչագործութեան ոլորտին մէջ մեծ աւանդ ունեցած ու նաեւ ստորագրութիւն ձեռք բերած հայազգի արուեստագէտ-ոսկերիչ՝ Սեւան Պալըքճի արժանացած է Թուրքիոյ «Հանրապետութեան Դափնեկիր» կոչումին։
Այս մասին կարճ լրատւութիւն մը կատարած է «Ժամանակ» պարբերականը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յայտնի ոսկերիչ-ադամանդագործ՝ Սեւան Պըչաքճը դասուած Հանրապետութեան նախագահութեան 2022 թուականի մշակոյթի եւ գեղարուեստի մեծ պարգեւներու դափնեկիրներու շարքին։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս տարուան մրցանակակիրները հրապարակեց իր ընկերային ցանցերու պաշտօնական հաշուոյն միջոցաւ։ Նախագահը իւրաքանչիւրը իրարմէ արժէքաւոր այդ պարգեւատրեալներուն համար յղեց իր սրտագին շնորհաւորութիւնները։
Հարկ է նշել, որ յայտնի վարպետ Սեւան Պըչաքճը մրցանակի արժանի դասուած է արհեստի բնագաւառէն ներս։