Սիպիլի բացառիկ պատգամը. «Տեսնել Անին ու նոր ապրել ...»
Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը օրերս ուշագրաւ գրառում մը կատարած է։
Ան տեղադրած է Հայաստան-Թուրքիա սահմանային հատուածին մերձ հայոց եռագոյնին ծածանման տեսանիւթը, որուն տակ ալ իր կատարումը որուն բառերը կը յուշեն Անիի պատմակերտ մեր քաղաքի փառաւոր անցեալին մասին։
Երգին բառերը կ՚ըսեն «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ...» բայց եւ այնպէս Սիպիլ փոխարինած է այս բառերը եւ յատկապէս գրած ՝ «Տեսնեմ Անին ու նոր ապրեմ..»։
Ի դէպ երգին բառերը կը պատկանին անմահանուն բանաստեղծ ՝ Յովհաննէս Շիրազին, իսկ երաժշտութիւնը ՝ պոլսահայ պոլսահայ երաժիշտ ՝ Մաժակ Թոշիկեանին։
Շատ յստակ ու բարացուցական են Սիպիլի խօսքերը եւ մենք իբրեւ ժողովուրդ այսօր ինչքան կարիք ունինք վեհ ապրումներու, ապրումի մեծ պահերու ու մէկ խօսքով ապրելու։
Սիպիլ անոնցմէ է, որ մեզի մօտիկ ու նոյն ատեն այդքան հեռու Պոլսոյ մէջ հայու կամքով կ՚ապրի, հայօրէն կը շնչէ եւ մեզի բոլորիս ալ նոր ապրումներ ունենալու առիթներ կը բացայայտէ։
Ձայնը անսպառ Սիպիլին։