Օրերս Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի համալիրէն ներս տեղի ունեցած է կեանքի կոչուած վերջին նախագիծերու պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը:
Կեանքի կոչուած նախագիծերն էին՝ «Երկանեան» հանգստեան տան վերանորոգումը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադիր բարեյիշատակ Յարութիւն ամիրա Պէզճեանի արձանի կառուցումը, համանուն բաժանմունքի վերանորոգումը, աչքի դարմանումներու նոր բաժանմունքի, «Կոմիտաս» ժողովասրահի, մարզասրահի, ճաշարանի բարեկարգումները, ինչպէս նաեւ «Վրթանէս Սաաթճի» հոգեբուժարանը յաւելեալ նոր սենեակներով օժտելը:
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք՝
Երէկ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ յատկանշական օր մըն էր. գթութեան յարկի համալիրէն ներս կեանքի կոչուած վերջին նախագիծերու պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ՝ բառին բուն իմաստով տօնական պայմաններու ներքեւ։ Արարողութիւնը պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ օրհնութեան կարգ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ մեր հոգեւորականաց դասէն այլ բազմաթիւ դէմքեր։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած հոգաբարձութիւնը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։ Հաւաքոյթը, միեւնոյն ժամանակ, մեծարանքի նշանակութիւն ունէր մեր համայնքի երախտաշատ բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլին ի պատիւ։ Արդարեւ, անոնք հերթական աստղաբաշխային նուիրատուութիւնով մը ապահոված էին, որ հիւանդանոցի համալիրէն ներս «Երկանեան» հանգստեան տունը վերանորոգուի, բարեկարգուի ու մանաւանդ, համապատասխանեցուի համալիրի նոր դիմագծին։
Երէկ կազմակերպուած պաշտօնական բացման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատեց հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը, որու շնորհիւ հաստատութիւնը թէ՛ մասնագիտական առումով եւ թէ՛ ֆիզիքական պայմաններու տեսակէտէ նախանձելի դիրքի մը վրայ կը գտնուի։ Ան բարձր գնահատեց նաեւ Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլին կողմէ կատարուած այս նոր բարեգործութիւնը, որ, խորքին մէջ, սերունդներու համար ներդրում մը կը նշանակէ։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ երէկուան հանդիսութեան ընթացքին առ ի երախտագիտութիւն յուշանուէր մը յանձնեց Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլին։ Համայնքային շրջանակները լայն մասնակցութիւն բերին երէկուան հանդիսութեան։ Բոլորը ջերմօրէն ողջունեցին Ազգային հիւանդանոցի համալիրէն ներս արձանագրուած այս վերջին նուաճումները եւ զօրակցութիւն եւ գնահատանք յայտնեցին հոգաբարձութեան ի նպաստ։
Երէկուան հաւաքոյթի մասնակիցները գործնականօրէն շրջայց մը կատարեցին հիւանդանոցի ընդարձակ համալիրէն ներս։ Արդարեւ, տարածքի զանազան բաժիններուն մէջ կտրուեցան խորհրդանշական կարմիր ժապաւէններ։ Բազմաթիւ բաժանմունքներու պարագային եղած էին նորութիւններ, որոնց մի առ մի ականատես եղան բոլորը։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ հաստատութեան ընդհանուր քարտուղարուհի Մարգրիտ Արսլանի հանդիսավարութեամբ։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Մոնիք Երկանեան, իսկ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը արտասանեց գնահատանքի խօսք մը:
Բացի «Երկանեան» հոյակերտ հանգստեան տունէն, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի համալիրէն ներս երէկուան պաշտօնական բացման արարողութեան փուլերը նախատեսուած էին՝ հաստատութեան հիմնադիր բարեյիշատակ Յարութիւն ամիրա Պէզճեանի նորակառոյց արձանին (գործ՝ քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեանի), համանուն վերանորոգեալ բաժանմունքին, աչքի դարմանումներու նոր բաժանմունքին, «Կոմիտաս» հրաշալի ժողովասրահին, մարզասրահին, ճաշարանին, ինչպէս նաեւ «Վրթանէս Սաաթճի» հոգեբուժարանի յաւելեալ նոր սենեակներուն համար։
Այս բոլոր փուլերուն ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ հոգաբարձութեան անդամները հիւրերուն տեղեկութիւններ տուին թէ՛ կատարուած աշխատանքներուն, փոփոխութիւններուն եւ թէ՛ այդ բոլորի արդիւնքով ստեղծուած նոր հեռանկարներուն, նոր հնարաւորութիւններուն շուրջ։
Հուսկ, բացօթեայ ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ հիւանդանոցի պարտէզներէն ներս։ Այս փուլն ալ անցաւ անմիջական զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ, մինչ բոլոր ներկաները արտայայտեցին այսպիսի պատկառելի իրադարձութեան մը ականատեսը ըլլալու ուրախութիւնը եւ բոլորը համամիտ էին, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը առագաստը բացած է դէպի նորանոր յաւակնոտ հորիզոններ։