Microsoft-ի հիմնադիր եւ միլիառատէր Պիլ Կէյթց կը կարծէ, որ այս տարի «Քովիտ»ի նոր աւելի վարակիչ տարբերակի ի յայտ գալը քիչ հաւանական է։
«Աւելի վարակիչ տարբերակի ի յայտ գալը քիչ հաւանական է, բայց համավարակի ընթացքին մենք բազմաթիւ անակնկալներու բախեցանք»,- գրած է ան Թուիթըրով։
Կէյթցի խօսքով՝ «Օմիքրոն»ի պատճառով շատերու մօտ դիմադրութիւն կը յայտնուի «առնուազն յառաջիկայ տարուայ համար»: «Գուցէ որոշ ժամանակ ստիպուած ըլլանք ամէն տարի պատուաստուիլ «Քովիտ»ի դէմ», գրած է միլիառատէրը։