image
Հրատապ լուրեր:

Փութին ներկայ ռազմածովային զօրահանդէսին

Փութին ներկայ ռազմածովային զօրահանդէսին

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը կիրակի ընդունած է Ռազմածովային ուժերու գլխաւոր շքերթը, որ կը կայանայ Նեւա գետին մէջ:

Ինչպէս կը ներկայացնէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, շքերթին մասնակցած է 18 նաւ եւ մոթորանաւ, այդ շարքին՝ հրթռիակիր նաւերը, սուզանաւ, հակաականային պաշտպանութեան եւ այլ ռազմանաւեր:

Երկրի զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը այսօր աւելի վաղ մոթորանաւով շրջայց կատարած է նաւերու տեղակայման ափամերձ հատուածով եւ ողջունաղ անձնակազմերը:

Գլխաւոր ռազմածովային շքերթը Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կը կայանայ Ռազմածովային ուժերու օրը, որ այս համընկած էտարի 25 Յուլիսին: Տօնը կը նշուի Յուլիսի վերջին կիրակին: Այս տարի կը կրանայ ռուսական նաւատորմի 325-ամեակը: