Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու հետ համագործակցութեան խորհրդակցական ժողովի առաջին նիստին: Այս մասին յայտնած է Վարչապետի աշխատակազմը:
Նիստին մասնակցած են «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ՝ Արամ Սարգսեանը, «Ազատական» կուսակցութեան առաջնորդ՝ Սամուէլ Պապայեանը, «Ալեանս» առաջադիմական կեդրոնամէտ կուսակցութեան առաջնորդ՝ Տիգրան Ուրիխանեանը, «Արդար Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար՝ Նորայր Նորիկեանը, «Ինքնիշխան Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար՝ Դաւիթ Սանասարեանը, Հայաստանի եւրոպական կուսակցութեան ղեկավար՝ Տիգրան Խզմալեանը, Հայաստանի Քրիստոնեայ-դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահ՝ Լեւոն Շիրինեանը, «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ՝ Մհեր Տէրտէրեանը, Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար՝ Միքայէլ Հայրապետեանը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Հայաստանի վարչութեան ատենապետ՝ Սեդրակ Աճէմեանը:
Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է ժողովի մասնակիցները եւ մաղթած յաջող ու արդիւնաւէտ քննարկումներ:
Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ղեկավարներու մասնակցութեամբ յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ առաջիկային: