Մարտ 2-էն մինչ օրս Լիբանանի մէջ իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով կայ 294 զոհ, աւելի քան հազար վիրաւոր, յայտնած է Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը։
«Հըզպալլա»ն Իսրայէլի դէմ աշխուժ ռազմական գործողութիւնները վերսկսած էր երկուշաբթի գիշեր՝ տարածաշրջանին մէջ սրող հակամարտութեան եւ Իսրայէլի ու ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի դէմ ձեռնարկուած հարուածներու լոյսի ներքոյ։
Ի պատասխան՝ Իսրայէլի բանակը աշխուժացուց յարձակումները Լիբանանի վրայ՝ յարձակելով Պէյրութի հարաւային արուարձաններու, ինչպէս նաեւ երկրի արեւելեան եւ հարաւային շրջաններու վրայ։