image

Կազայի տագնապ. Իսրայէլ ընթացք տուաւ ռազմական գործողութիւններու

Կազայի տագնապ. Իսրայէլ  ընթացք տուաւ ռազմական գործողութիւններու

Պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ խմբաւորումը մինչեւ առաւօտեան ժամը 7-ը Իսրայէլին չէ տրամադրած պատանդներու ցուցակը, որոնք պէտք է այսօր ազատ արձակուին: Բացի այդ, ՀԱՄԱՍ-ը  խախտած է հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը եւ հրթիռներ արձակած է Իսրայէլի ուղղութեամբ։

Ի պատասխան Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է, որ վերսկսած է խմբաւորման դէմ յարձակումները, գրած է timesofisrael.com-ը:

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը նաեւ նշած է, որ իր կործանիչները օդային հարուածներու շարք  կ՚իրականացնէ Կազայի հատուածին մէջ ՀԱՄԱՍ-ի թիրախներու ուղղութեամբ:

Երկրի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ ՀԱՄԱՍ-ը «խախտած է պայմանաւորուածութիւնը, չէ կատարած բոլոր պատանդ կիները ազատ արձակելու իր պարտաւորութիւնը եւ հրթիռներ արձակած է Իսրայէլի վրայ»:

«Մարտերու վերսկսման պայմաններուն մէջ մենք կը շեշտենք, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը յանձնառու է հասնելու պատերազմի նպատակներուն՝ ազատ արձակել մեր պատանդները, վերացնել ՀԱՄԱՍ-ը եւ երաշխաւորել, որ Կազան երբեք այլեւս չկարենայ սպառնալ Իսրայէլի ժողովուրդին»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: