Իսրայէլցի զինուորականները յայտարարած են, որ Կազայի հատուածի «Ալ-Շիֆա» հիւանդանոցի անձնակազմը, բուժառուներն ու բուժհաստատութեան մէջ ապաստանած փախստականները պէտք է մէկ ժամուան ընթացքին լքեն հիւանդանոցը։ Այս մասին հաղորդած է Al Jazeera հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն։
Ինչպէս աւելի վաղ հաղորդած էր Al Hadath հեռուստաալիքը, իսրայէլցի զինուորականները ոչ ոքի թոյլ կու տան դուրս գալ հիւանդանոցէն ու յարակից շէնքերէն, թէեւ«Ալ-Շիֆա»ի մէջ արգելափակուածներու շարքին գրոհայիններ չկան, այլ կան միայն վիրաւորներ, բուժառուներ ու փախստականներ։
Իւրաքանչիւրը, որ կը փորձէ լքել հիւանդանոցը, անմիջապէս բերման կ՚ենթարկուի, իսկ իսրայէլցի զինուորականները պարբերաբար խուզարկութիւններ ու հարցաքննութիւններ կ՚իրականացնեն։
Հեռուստաալիքը նախազգուշացուցած է, որ «Ալ-Շիֆա»ի մէջ անգելափակուած բոլոր անձանց մահացու վտանգ կը սպառնայ, քանի որ անոնք զրկուած են ջուրի, սնունդի եւ դեղորայքին հասանելիութենէն: