Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը դեկտեմբեր 4-ի գիշերը յարձակած է Կազայի հատուածին մէջ ՀԱՄԱՍ-ի շուրջ 200 ռազմական կառոյցի վրայ, իսկ ցամաքային ստորաբաժանումները կը շարունակեն մարտերը անկլաւին մէջ։ Այս մասին յայտնած է բանակի մամուլի ծառայութիւնը, գրած է ԹԱՍՍ-ը:
«Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի ցամաքային ուժերը կը շարունակեն գործել Կազայի հատուածին մէջ՝ օդուժի զանգուածային հարուածներու հետ մէկտեղ:
Գիշերուան ընթացքին Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յարձակած է ՀԱՄԱՍ ահաբեկչական կազմակերպութեան շուրջ 200 թիրախի վրայ:
Ցամաքային ուժերը կը շարունակեն գործել, ահաբեկչական ենթակառուցուածքը՝ տեղակայուած Կազայի հատուածի հիւսիսը գտնուող դպրոցներու մէջ, աւերուած է»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։