image

Իսրայէլ հարուածած է Լիբանանը

  Իսրայէլ հարուածած է Լիբանանը

 Իսրայէլեան կործանիչներ երէկ հարուածներ տուած են Լիբանանի սահմանային հատուածներուն։ 

 

 Այս մասին տեղեկութիւնը հրապարակած է Իսրայէլեան բանակի մամլոյ խօսնակ ՝ Աֆէխայ Ատրոհի։

 

 Ատրոհի, որ այս մասին տեսանիւթ մըն ալ տեղադրած է դվիթերի իր էջին նաեւ գրած է, որ Իսրայէլեան օդուժը հարուածներ տուած է կարգ մը կէտերու, ուր կը կարծուի որ կան դէպի Իսրայէլ հրթիռներ արձակող ռազմական խարիսխներ։ 

Նշենք, որ այս զարգացումները կը կատարուին երէկ ստեղծուած իրավիճակէն անմիջապէս ետք, երբ (ըստ իսրայէլեան սենարին) Լիբանանէն դէպի «Քարէաթ շըմոնա» բնակավայրը երեք հրթիռներ էին նետուած, որոնց ի պատասխան Իսրայէլեան բանակը տասնեակ հրթիռներ նետած էր Լիբանանի սահմանային գծի ողջ երկայնքին։

 

 Մինչ Լիբանանի պաշտօնական մարմիններ լռութիւն կը պահեն եղածին վերաբերեալ, անդին  Իսրայէլի կառավարութիւնը  ստեղծուած իրավիճակի ողջ պատասխանատւութիւնը կը դնէ Լիբանանի կառավարութեան վրայ։