image
Հրատապ լուրեր:

ՀՅԴ-ի որոշումը յառաջիկայ ժամերուն

  ՀՅԴ-ի որոշումը յառաջիկայ ժամերուն

 

 Լիբանանի ՀՅԴ Կառոյցի որոշումը կապուած նոր վարչապետի առաջադրման  պարզ պիտի դառնայ  յառաջիկայ ժամերուն։

 

 Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ ՀՅԴ Լիբանանի մարմնին մօտիկ կանգնած  աղբիւրէ մը։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ կուսակցութիւնը գլխաւորութեամբ ՀՅԴ ներկայացուցիչ, պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի առաւօտուն նիստ պիտի գումարէ, որու աւարտին ալ պիտի յայտարարուի, Դաշնակցութեան գլխաւորած երեսփոխանական պլոքին կեցուածքը։

 

 Յիշեցնենք, որ ինչպէս  լիբանանեան խորհրդարանի բոլոր պլոքները, նոյնպէս ալ «Հայկական երեսփոխանական պլոք»ի անդամներ պիտի բարձրանան  Պաապտայի նախագահական պալատ, հանդիպին նախագահ զօր. Աունին ու ներկայացնեն վարչապետի թեկնածուութեան իրենց թեկնածուին անունը։

 

 Նշենք նաեւ, որ Պէյրութի  մէջ շրջանառուող  լուրերու   համաձայն  մեծ հաւանականութիւն կայ, որ   Նաժիպ Միքաթի  անգամ մը եւս ստանձնէ  վարչապետի պաշտօնը։