image

Հրայր Թովմասեան մեղաւոր ճանչցուած է

Հրայր Թովմասեան մեղաւոր ճանչցուած է

«Վերաքննիչ հակակոռուպցիոն դատարան»ը անփոփոխ ձգած է արդարադատութեան նախկին նախարար Հրայր Թովմասեանի վերաբերեալ Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատավճիռը՝ մեղաւոր ճանչնալով անոր 18.04.2003-ին ընդունուած՝ Քրէական օրէնսգիրքի 308-րդ յօդուածի 1-ին մասով նախատեսուած յանցանքներու կատարման մէջ. մեղսագրուած արարքները վերաբերած են Հրայր Թովմասեանի կողմէ ՀՀ արդարադատութեան նախարար աշխատած ժամանակահատուածին պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելուն:

Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը 2024-ի սեպտեմբեր 20-ի դատավճիռով՝ մեղաւոր ճանչցած էր Հրայր Թովմասեանը՝ 18.04.2003-ին ընդունուած՝ Քրէական օրէնսգիրքի 308-րդ յօդուածի 1-ին մասով նախատեսուած յանցանքներու կատարման մէջ (երկու դրուագ) եւ անոր ազատած քրէական պատասխանատւութենէն՝ վաղեմութեան ժամկէտները 2019-ին անցած ըլլալու պատճառաբանութեամբ։

Դատավճիռի դէմ՝ արարքներու վերաորակման եւ վաղեմութեան ժամկէտի կիրառման առումով, դատախազի կողմէ ներկայացուած էր վերաքննիչ բողոք, իսկ պաշտպաններու կողմէ ներկայացուած էին բողոքներ՝ խնդրելով ճանչնալ անոր անմեղութիւնը:

«Վերաքննիչ հակակոռուպցիոն դատարան»ը 2025-ի սեպտեմբեր 30-ին որոշում կայացուցած է բողոքները մերժելու եւ դատավճիռն անփոփոխ թողելու մասին: