image
Հրատապ լուրեր:

«Հայաստանի Ելեկտրական Ցանց»ի հարցով կարեւոր զարգացումներ 

«Հայաստանի Ելեկտրական Ցանց»ի հարցով կարեւոր զարգացումներ 

ՀԵՑ-ը զրկուեցաւ արտօնագրէն

Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը քուէարկութեամբ որոշեց դադրեցնել ՀԵՑ-ի արտօնագիրը։

Դէմ քուէարկած է միայն յանձնաժողովի անդամ Արա Նռանեանը:

Նշենք, որ արդէն 3 օր է Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը (ՀԾԿՅ) կը քննարկէր ՀԵՑ-ը արտօնագրէ զրկելու հարցը: Արդէն երեք օր է, որ կ՚ընթանար «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» փակ բաժնետիրական ընկերութեան ելեկտրական ուժանիւթի (հզօրութեան) բաշխման №0092 արտօնագիրը դադրեցնելու մասին» հարցը քննող ՀԾԿՅ նիստը։

ՀԵՑ ժամանակաւոր կառավարիչ Ռոմանոս Պետրոսեանը դիմած է Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովին (ՀԾԿՅ)՝ պահանջելով ընկերութիւնը զրկել արտօնագրէ, քանի որ կառոյցին մէջ խախտումներ կան, որոնք յանգեցուցած են ճգնաժամի։

Սամուէլ Կարապետեանն ընկերութիւնը ձեռք բերած է 2016 թուականին: 

ՀԵՑ-ի սեփականութեան փոխանցման գործընթացը պիտի մեկնարկի առաջիկայ եռամսեակին․ ՀԾԿՀ նախագահ

Առաջիկայ երեք ամիսներուն պետութիւնը ՀԵՑ-ի սեփականատիրոջ հետ պիտի սկսի բանակցիլ գոյքի սեփականութեան փոխանցման վերաբերեալ։ Այս մասին յայտարարած է Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի (ՀԾԿՅ) նախագահ Մեսրոպ Մեսրոպեանը՝ ՀԾԿՀ նիստին ՀԵՑ–ի «Տաշիր Կապիտալ» ընկերութեան տրուած արտօնագիրը դադրեցնելէ ետք հրաւիրուած ասուլիսին։

«Եթէ այդ երեք ամսուայ ընթացքում կողմերը չգան համաձայնութեան, դրանից յետոյ պետութիւնը կարող է գերակայ շահի իրաւունքով վերցնել սեփականութեան իրաւունքը։ Ժամանակը ցոյց կը տայ, թէ ինչ ընթացք կը ստանան նախանշած այս փուլերը», –ըսած է Մեսրոպեանը։

Անոր խօսքով, այսպիսով գործընթացն այսօրուան նիստով չաւարտիր։ Մերոպեանը կ՚ենթադրէ, որ կողմերն իրենց իրաւունքները պիտի փորձեն պաշտպանել այլ ատեաններու մօտ։

«Պրոցեսն ունի շարունակութիւն։ Այսօրուայ նիստի որոշմամբ ընդամէնը որոշեցինք դադարեցնել ՀԵՑ-ի լիցենզիան, բայց օրէնքով գործընթացներ են նախատեսւում»,-ըսած է ան։