image

Հայաստան-Ռուսիա տնտեսական շրջանառութիւնը նուազած

Հայաստան-Ռուսիա տնտեսական շրջանառութիւնը նուազած

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը 2026 թուականի յունուար-մայիս ամիսներուն 2025 թուականի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ նուազած է։ Այս մասին կը վկայեն Հայաստանի Վիճակագրական կոմիտէի տուեալները, որոնք ուսումնասիրած է ԹԱՍՍ-ը։

Ըստ ընթացիկ տարուան առաջին հինգ ամիսներու վիճակագրութեան՝ երկիրներու միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը կազմած է 2,196 միլիառ տոլար, մինչդեռ 2025 թուականի յունուար–մայիս ամիսներուն այն կազմած էր 2,763 միլիառ տոլար։

Միաժամանակ նուազած է նաեւ Ռուսիոյ մասնաբաժինը ընդհանուր ապրանքաշրջանառութեան կառուցուածքին մէջ. 2026 թուականի յունուար–մայիսին այն կազմած է ընդհանուր ծաւալի 28%-ը, մինչդեռ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին՝ 35,1%-ը։

Այս լոյսի ներքոյ նուազած է նաեւ ԵԱՏՄ երկիրներու հետ ապրանքաշրջանառութեան մասնաբաժինը՝ 2025 թուականի նշուած ժամանակահատուածի 36,7%-էն մինչեւ 2026 թուականի 29,8%-ը։ Միաժամանակ Հայաստանի ապրանքաշրջանառութիւնը ԵԱՏՄ միւս երկիրներու հետ աճած է․ Պելառուսիոյ հետ՝ 8,3%-ով, Ղազախստանի հետ՝ 10%-ով, իսկ Ղրղզստանի հետ՝ 194,8%-ով։

Ըստ Վիճակագրական կոմիտէի տուեալներու՝ Հայաստանի ընդհանուր ապրանքաշրջանառութիւնը կազմած է 7,865 միլիառ տոլար, որ 0,1%-ով պակաս է 2025 թուականի ցուցանիշէն՝ 7,870 միլիառ տոլարէն։