image
Հրատապ լուրեր:

ՀԱՄԱՍ-ը յայտարարած է Կազայի մէջ մարդասիրական հրադադարի երկարաձգման մասին

ՀԱՄԱՍ-ը յայտարարած է Կազայի մէջ մարդասիրական հրադադարի երկարաձգման մասին

Կազայի հատուածին մէջ իշխող պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժումը այսօր՝ 30 նոյեմբերին, յայտարարած է Կազայի հատուածին մէջ մարդասիրական հրադադարի երկարաձգման մասին: Այս մասին յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն։ 

Աւելի վաղ գերիներու ազատ արձակման գործընթացը շարունակելու միջնորդական ջանքերու լոյսին տակ մարտերու դադարը երկարաձգելու մասին յայտարարած էր Իսրայէլի բանակը:

«Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է զինադադարը 7-րդ օրը՝ հինգշաբթի երկարաձգելու մասին»,-ըսուած է ՀԱՄԱՍ-ի յայտարարութեան մէջ:

30 Նոյեմբերի առաւօտեան ՀԱՄԱՍ-ը յայտարարած է, որ Իսրայէլը հրաժարած է ընդունիլ իրենց մօտ որպէս պատանդ գտնուող եօթ կիներ եւ երեխաներ եւ երեք զոհուած պատանդներու մարմինները՝ հրադադարի երկարաձգման դիմաց:

Նոյեմբեր 27-ին ՀԱՄԱՍ-ն ու Իսրայէլը Քաթարի եւ Եգիպտոսի միջնորդութեամբ պայմանաւորուած են քառօրեայ մարդասիրական հրադադարը եւս երկու օրով երկարաձգելու մասին՝ Կազայի հատուածին մէջ պահուող աւելի մեծ թուով իսրայէլացի պատանդներու ազատ արձակման համար: