image

3 պաղեստինցիներ սպաննուեցան Ժընինի մէջ

3 պաղեստինցիներ սպաննուեցան   Ժընինի մէջ

Այս տարի վերսկսած է Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին մէջ պաղեստինցիներու դէմ ուղղակի սպանութիւններու քաղաքականութիւնը. 70 պաղեստինցիներ նահատակուած են, որոնց մեծ մասը Յորդանան գետի արեւմտեան ափի եւ բռնագրաւուած Երուսաղէմի մէջ:

 

Այսօր` Ուրբաթ լուսադէմին, իսրայէլեան զօրքերու կողմէ Արեւմտեան ափի Ժընին քաղաքի վրայկատարած յարձակման հետեւանքով 3 պաղեստինցի զոհուած է, եւս 8 ուրիշներ վիրաւորուած են:

Պաղեստինի Առողջապահութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կ'ըսուի, որ «Ժընին քաղաքի երեք նահատակներն են` Եուսէֆ Սալահը, Լէյս Ապու Սրուրը եւ Պարաա Լահլուհը, եւս 8 հոգի վիրաւորուած են իսրայէլեան ուժերու գնդակէն»:

Ականատեսները պատմած են, որ իսրայէլեան ուժերը ներխուժած են Ժընին քաղաք եւ կրակած են պաղեստինեան ինքնաշարժի վրայ, որուն մէջ եղած են 4 պաղեստինցիներ: Այնուհետեւ ականատեսները պատմած են, որ բախումներ տեղի ունեցած են տասնեակ պաղեստինցիներու եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ, որոնք արձակած են իրական փամփուշտներ եւ արցունքաբեր կազ:

Նմանապէս, պաղեստինեան աղբիւրներ յայտնած են, որ «իսրայէլեան յատուկ ուժեր ներթափանցած են Ժընինի արեւելեան թաղամաս եւ ուղիղ փամփուշտներ արձակած են ինքնաշարժի վրայ, որով կը շրջէին երեք երիտասարդները` անմիջապէս սպաննելով զանոնք»:

Աղբիւրները յաւելած են, որ «վայրին մէջ բռնկած են կատաղի բախումներ, որոնց ընթացքին իսրայէլեան զինուորները կրակած են երիտասարդներու ուղղութեամբ` վիրաւորելով երկու պաղեստինցի, որոնք տեղափոխուած են հիւանդանոց` բուժման նպատակով»:

Յատկանշական է, որ իսրյէլեան ուժերը ժամանակ առ ժամանակ կը յարձակին Ժընին քաղաք եւ անոր գաղթակայանը` նպատակ ունենալով սպաննել դիմադրութեան մարտիկները եւ ձերբակալել միւսները, որոնք իրենց հերթին կը դիմակայեն ներխուժող ուժերուն:

Այս տարի վերսկսած է Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին մէջ պաղեստինցիներու դէմ ուղղակի սպանութիւններու քաղաքականութիւնը. 70 պաղեստինցիներ նահատակուած են, որոնց մեծ մասը Յորդանան գետի արեւմտեան ափի եւ բռնագրաւուած Երուսաղէմի մէջ, անոնցմէ 27-ը Ժընինէն եւ անոր գաղթակայանէն են: