image
Սաղաթէլ Պասիլ

Սաղաթէլ Պասիլ

Ծնած է 1977-ին, Խրուաթիոյ Զակրեպ քաղաքը։ Նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանէն ներս, այնուհետեւ երկրորդական կրթութիւնը՝ Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանէն։ 1998-ին աւարտած է Լիբանանի CIT կրթահամալիրը՝ “Interier designer” մասնագիտութեամբ, ապա 2005-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի քաղաքագիտութեան բաժինը։

2004-ին Սաղաթէլը կորսնցուցած է իր տեսողութիւնը եւ խնդիրներ ունեցած  երիկամներու առընթեր, որ դրդած է զինք աշխարհը տեսնել ուրիշ տեսանկիւնէ եւ աւելի խորութեամբ հասկնալ կեանքը եւ մարդու էութիւնը։

Հետագային մասնագիտացած է անձնային աճի, քաղաքացիական գիտակցութեան եւ բախումներու յաղթահարման ոչ-պաշտօնական կրթութեան մէջ: 2005-ին Սուրիոյ մէջ ստեղծած է “Art river” («Արթ րիվըր») մշակութային քաֆէ-գրադարանը, որ տեղի երիտասարդութիւնը արուեստի, մշակոյթի եւ ընկերային հարցերու շուրջ համախմբող միջավայր դարձած է։ Մինչ այժմ Սաղաթէլը հրատարակած է հետեւեալ գիրքերը՝ 2016-ին՝ արաբերէն «مذكرات مواطن تحفة» (Diary of an outstanding citizen), 2018-ին՝ արեւմտահայերէն «Յօդուածարան ըստ Ճերմակ Ագռաւի», 2020-ին՝ արաբերէն «بلا عيون» («Առանց աչքեր»)։ Այժմ կը շարունակէ իր ստեղծագործական աշխատանքը Շուէտի մէջ։


  • 25/12/2023

Ճանապարհի բեմ՝ ձայն ու տեսարան (2)

Ըստ «հայկական ժամադրութեան», այսինքն՝...
  • 22/12/2023

Ճանապարհի բեմ՝ ձայն ու տեսարան (1)

Տեսարանը արդէն աշխուժացաւ ու աւելի լարուած դարձաւ...
  • 19/12/2023

Ես եւ Թեթաս՝ մաշթալի ճամբան

…Այսօր այստեղէն՝ Շուէտէն, ուր կան աշխարհի...
  • 17/12/2023

Ես եւ Հայրիկս՝ Ղաչախի ճամբան

Վերադարձի ճամբուն ենք ես, պապաս ու երկու սեւ նայլ...
  • 23/11/2023

«ՀՄԸՄ Պարտէզ»ին ճամբաներով (2)

«ՀՄԸՄ պարտէզ»ը նմոյշ մըն է հալէպահայե...
  • 17/11/2023

«ՀՄԸՄ Պարտէզ»ին ճամբաներով

Այս էր իմ ժամանակուայ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դաշտին պատկ...
  • 11/11/2023

Շրջաբերականի Ճանապարհը. Գրեց՝ Սաղաթէլ Պասիլ

Վստահ՝ անօթի պիտի չերթամ ժողովին։ Այս վայրկեանին...
  • 08/11/2023

Քարթաբաշխումի ճամբան. Գրեց՝ Սաղաթէլ Պասիլ

Աս ալ ըսեմ ու երթամ։ Այս երեւոյթը չսիրողներէն մէկ...
  • 04/11/2023

Ժողովի ճամբան. Գրեց՝ Սաղաթէլ Պասիլ

Ժողովը վերջացաւ․ պարզ, միամիտ, անիմաստ կռիւներ։ Հ...