image
Սաղաթէլ Պասիլ

Սաղաթէլ Պասիլ

Ծնած է 1977-ին, Խրուաթիոյ Զակրեպ քաղաքը։ Նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանէն ներս, այնուհետեւ երկրորդական կրթութիւնը՝ Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանէն։ 1998-ին աւարտած է Լիբանանի CIT կրթահամալիրը՝ “Interier designer” մասնագիտութեամբ, ապա 2005-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի քաղաքագիտութեան բաժինը։

2004-ին Սաղաթէլը կորսնցուցած է իր տեսողութիւնը եւ խնդիրներ ունեցած  երիկամներու առընթեր, որ դրդած է զինք աշխարհը տեսնել ուրիշ տեսանկիւնէ եւ աւելի խորութեամբ հասկնալ կեանքը եւ մարդու էութիւնը։

Հետագային մասնագիտացած է անձնային աճի, քաղաքացիական գիտակցութեան եւ բախումներու յաղթահարման ոչ-պաշտօնական կրթութեան մէջ: 2005-ին Սուրիոյ մէջ ստեղծած է “Art river” («Արթ րիվըր») մշակութային քաֆէ-գրադարանը, որ տեղի երիտասարդութիւնը արուեստի, մշակոյթի եւ ընկերային հարցերու շուրջ համախմբող միջավայր դարձած է։ Մինչ այժմ Սաղաթէլը հրատարակած է հետեւեալ գիրքերը՝ 2016-ին՝ արաբերէն «مذكرات مواطن تحفة» (Diary of an outstanding citizen), 2018-ին՝ արեւմտահայերէն «Յօդուածարան ըստ Ճերմակ Ագռաւի», 2020-ին՝ արաբերէն «بلا عيون» («Առանց աչքեր»)։ Այժմ կը շարունակէ իր ստեղծագործական աշխատանքը Շուէտի մէջ։


  • 02/11/2023

Երկար ճամբայ` Սահայէն մեր տուն. Գրեց՝ Սաղաթէլ Պասիլ

Տոպրակներս առի, ու ճամբան սկսաւ։ Նախքան քալելս ըս...
  • 27/10/2023

Ճեմարանի Ներքին Ճամբաները. Գրեց՝ Սաղաթէլ Պասիլ

«Սաղօ, ու՞ր ես տղաս»․․․ «Ճեմարա...
  • 23/10/2023

Շատ երկար ճամբայ՝ Ղանտուրէն Սահա…. Գրեց՝ Սաղաթէլ Պասիլ

ՃօրՃ Ուասսուֆը կ’երգէ կոր։ Ապու Ճորճը կեդրո...
  • 20/10/2023

Փողոցս․․․ Հալէպ. Գրեց՝ Սաղաթէլ Պասիլ

Ասիկա իմ տարածքս էր ու իմ սիրելի փողոցը, ուր իսկա...
  • 05/10/2023

Շատ կարճ ճամբայ 2. Վերելակէն պատշգամ

Ճամբաս եթէ շարունակեմ՝ կը հասնիմ աջիս սենեակ մը....
  • 03/10/2023

Շատ կարճ ճամբայ. Դռնէ դուռ

Ապակիէ դուռը անցայ, մէկ աստիճան դէպի վեր, ձախ կող...
  • 27/09/2023

Կիրակիս...Հալէպ. Գրեց՝ Սաղաթէլ Պասիլ

Չորսին հինգ մնացած արդէն «Արամ Մանուկեան&ra...