image
Հայդուկ Շամլեան

Հայդուկ Շամլեան

Հայդուկ Շամլեան ծնած է Լիբանան: Անունը իրեն շնորհած է մկրտութեան կնքահայրը, Սիմոն Վրացեան: Մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը ապրած է այդ երկրին մէջ, Արեւմտեան-Պէյրութ: Ան այդտեղ կը գտնուէր, ու իր տարիքին համապատասխան բոլոր ազգային պատականութիւնները լիովին կատարած է, քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, մինչեւ 1982 թուականը ներառեալ: Յաճախած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, ուր ստացած է դպրոցական նախակրթութիւնն ու երկրորդական կրթութիւնը: Համալսարանական ուսումը կատարած է Քանատայի մէջ - նախ՝ Ֆրանսական Գրականութիւն, ապա՝ Իրաւաբանութիւն: 1989 թուականէն ի վեր, կ'աշխատի որպէս փաստաբան, իր Մոնթրէալի ապա Լաւալի իրաւաբանական գրասենեակներով: Երիտասարդ տարիքէն սկսեալ, շարունակաբար, եղած է՝ ազգային գործիչ, բազմաթիւ եւ բազմատեսակ ոլորտներու մէջ:

   Որպէս փաստաբան, ի միջի այլ, Հայ Դատի վերաբերող նիւթերու, իր սիրայօժար ծառայութիւնները տրամադրած է Քանատայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դէմ մարտական գործողութիւն կատարած եւ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած անձերուն, հանդիսանալով իրենց իրաւաբանական հիմնական խորհրդատուն, մինչեւ որ իրականանայ իրենց բանտէն վաղաժամ արձակումը: Յօդուածագիր, դասախօս, դաստիարակ, հրապարակագիր, գրագէտ, ան հեղինակն է հինգ հրատարակուած գիրքերու՝ մէկ վէպ ֆրանսերէն լեզուով, եւ չորս բանաստեղծական հատորներ, հայերէնով: Ունի իր համացանցային Պլօկ-ը՝ https://haytougchamlian.blog/  15 տարիներ շարունակ, որպէս բացառապէս սեփական, ընտանեկան նախաձեռնութիւն, ծրագիր եւ առաքելութիւն, Հայդուկն ու իր կինը՝ Այտան , իրենց երկու զաւակներուն հետ - Տեսիլ եւ Պատրոյգ -, ստեղծած, կազմակերպած եւ տեղւոյն վրայ բացած ու վարած են՝ «Արամ Մանուկեան Մանկա-Պատանեկան Ճամբարը», Արցախի այժմ դարձեալ բռնագրաւուած Շուշի քաղաքին մէջ՝ https://www.facebook.com/AramManoukianJampar/

 


  • 27/12/2021

Պէյրութի «Ճեմարան»ի ճերմակ դարձած «Կանաչ դուռ»ը. Կամ յիշելով Հրաչ Տասնապետեանը

Աշխարհի ամէն կողմ ալ, որքան ժամանակ ալ որ անցնի՝ ո...
  • 22/12/2021

Եւրատեսիլի հայ-թրքական գրկախառնութիւնը...

Այս օրերուն, շատ բաներ գրուեցան այդ մասին։ Այո, կա...
  • 12/12/2021

«Նորմալ» աշխարհի կանոնները եւ .. մենք

Կրնանք շատ բաներ, մի քանի հարիւր էջեր կարդալ Հայաս...
  • 14/11/2021

Ես իսկապէս, չեմ հասկանում

Ես իսկապէս, չեմ հասկանում Ամիսներէ՜ ի վեր, արդէն գ...