image
Հրատապ լուրեր:

Զօր. Սիսի Անձամբ Ներկայ Եղաւ Պատարագին Եւ Ներողութիւն Խնդրեց Ղըպտի Համայնքէն (Տեսանիւթ)

Զօր. Սիսի Անձամբ Ներկայ Եղաւ Պատարագին  Եւ  Ներողութիւն Խնդրեց Ղըպտի Համայնքէն  (Տեսանիւթ)

Եգիպտոսի նախագահ Զօր. Ապտըլ Ֆաթահ Ալ Սիսի     ներողութիւն խնդրած է Ղըպտի համայնքի    զաւակներէն: Այս մասին   տեղեկութիւն  փոխանցող աղբիւրները կը հաղորդեն, որ  Եգիպտոսի նախագահը       6 Յունուարին  այցելած է Աղէքսանդրիոյ Մարկոսեան  Մայր    տաճար, ուր     Թէոտորոս Պապը  կը  մատուցէր Ծննդեան պատարագ:  Նախագահը պատարագի աւարտին  հակիրճ խօսք  մը արտասանելով    իր ներողմտութիւնը հայցած է    Ղըպտի համայնքէն: Ան ըսած է «Եկած եմ անձմաբ ներողութիւն խնդրելու ձեզմէ   կապուած այն տխուր դէպքերուն, որ տեղի ունեցան վերջին շրջանին եւ լիայոյս եմ, որ կ'ընդունիք իմ ներողութիւնս»: Սիսի ըսած է, որ Եգիպտոս,   դարերէ ի վեր     համայն  մարդկութեան քաղաքակրթութիւն  ջամբեց  եւ այս  ծանր պայմաններուն մէջ եւս պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը: Զօր. Սիսի      նաեւ ըսած է, որ   ամէնէն կարճ միջոցին պիտի վերանորոգուին բոլոր այն եկեղեցիները, որ հրկիզուեցան  ծայրայեղականներուն  կողմէ  նշելով նաեւ, որ պետութիւնը  թերացած է այդ գործին մէջ  եւ  վստահեցնելով, որ   շուտով  այդ    աշխատանքները սկիզբ պիտի  առնեն: Եգիպտոս նախագահը  աւարտին շնորհակալութիւն յայտնած է   Ղըպտիներու  Պապէն եւ  համայն  Ղըպտիներէն  երկրին  մէջ պատահած դէպքերու ընթացքին անոնց  ցուցաբերած հայրենասէր եւ անաչառ կեցուածքներուն համար: