image

Զինեալները դարձեալ հրթիռներ արձակած են Հալէպի Սուլէյմանիյէ եւ Վիլլաներ շրջաններուն վրայ (Լուսանկարներ)

Զինեալները դարձեալ հրթիռներ արձակած են Հալէպի Սուլէյմանիյէ եւ Վիլլաներ շրջաններուն վրայ (Լուսանկարներ)

Այսօր յետմիջօրէին Հալէպի հայկական թաղամասերը դարձեալ թիրախ դարձած են ահաբեկիչ զինեալներու հրթիռարձակումներուն: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Հալէպի մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ այսօր յետմիջօրէին հրթիռներ ինկած են հայկական Վիլլաներ եւ Սուլէյմանիյէ թաղամասերուն վրայ: Մեր աղբիւրին համաձայն, հրթիռարձակումներու հետեւանքով արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ: Զոհերուն մէջ կան յղի կին մը եւ երեխաներ: Ցարդ հաղորդուած տեղեկութիւններուն համաձայն, հայ զոհերու եւ վիրաւորներու գոյութեան մասին տուելաներ չկան: