image

Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան վարչութեան ներկայացուցիչներ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբազանին մօտ

Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան վարչութեան ներկայացուցիչներ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար  Սրբազանին մօտ

Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան վարչութեան ներկայացուցիչներ այցելութիւն տուած են Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին կը գրէ.

Ուրբաթ, 2 Օգոստոս 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան վարչութեան ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանին։

Վարչութեան ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին Սրբազան Հայրը՝ Արքութեան տիտղոս ստանալուն առիթով եւ քաջառողջութեամբ լեցուն երկար տարիներու ծառայութիւն մաղթեցին անոր։ Այս առիթով, անոնք արծաթեայ խաչ մը նուիրեցին Սրբազան Հօր։

Վարչութեան ատենապետ տիար Յովսէփ Երեմեան  անդրադարձաւ միութեան յառաջիկայ գործունէութիւններուն: 

Սրբազան Հայրը գնահատելով միութեան անդամներուն ծառայութիւնը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց անոնց: