image

Զելենսքի պիտի հանդիպի Մաքրոնի եւ Պայտընի հետ

Զելենսքի պիտի հանդիպի Մաքրոնի եւ Պայտընի հետ

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին պիտի հանդիպի ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, յայտնած է The Guardian-ը:

Յայտնի է, որ Զելենսքին Ֆրանսա հրաւիրուած է Նորմանտիայի դաշնային զօրքերու ափ իջեցման 80-ամեակին նուիրուած արարողութիւններուն մասնակցելու։

Պայտընի հետ հանդիպումը հաստատած է Սպիտակ տունը:

Նշուած է, որ Մաքրոն ուրբաթ Փարիզի մէջ պիտի հիւրընկալէ Զելենսքին։

«Քանի որ առաջնագիծին եւ ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու դէմ ռուսական հարուածները կը զօրանան, երկու նախագահները պիտի քննարկեն իրավիճակը», -ըսուած է Էլիզեան պալատի հաղորդագրութեան մէջ:

Հանդիպումը նախատեսուած է կայացնել Նորմանտական դաշնային զօրքերու ափ իջեցման գործողութեան տարեդարձի միջոցառումներէն ետք: Զելենսքին ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ։