Փարիզի մէջ, Զաւէն Պիպէռեանի «Լկրտածը» վերնագրով վէպի ֆրանսերէնի թարգմանութեան առթիւ, Ժիրայր Մալխասեանի կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ դասախօսութիւն, որ պիտի կայանայ Չորեքշաբթի 27, Յունուար 2016-ին, ժամը 20:30-ին, Փարիզի Միջազգային համալսարանական ոստանի Հայ ուսանողներու տան մէջ: Նշենք, որ 20-րդ դարու հայ գրականութեան լաւագոյն վէպի հեղինակ՝ Զաւէն Պիպէռեանի գիրքի թարգմանիչն է պատմական գիտութիւններու Տոքթ.՝ Էրվէ Ժորժըլէնին, որ գրած է բազմաթիւ յօդուածներ Օսմանեան կայսրութեան (ոչ իսլամներու) տնտեսական, սոցիալական եւ մշակութային կեանքի մասին, հրապարակած է պատմաբանական աշխատութիւն Զմիւռնիոյ (Իզմիր) մասին, ինչպէս նաեւ ի թիւս այլ գործերու՝ Ֆրանսերէնի թարգմանած է պոլսահայ գրողներու 4 գիրքեր՝ Անտոնեանի «Այն սեւ օրերուն», «Աքսորի ճամբուն վրայ» եւ Պիպէռեանի «Մրջիւններու Վերջալոյսը»ն ու «Լկրտածը»: