ԱՄՆ-ն պէտք է նուազեցնէ զէնքի վաճառքը տարածաշրջանին մէջ եւ դադրեցնէ երեխաներու կոտորածը Եմէնի մէջ: «Թանսիմ» գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Իրանի ԱԳ նախարար Մոհամմատ Ժաուատ Զարիֆը՝ շեշտելով, որ Ուաշինկթընը պէտք է նաեւ վերադառնայ 2015 թուականի միջուկային գործարքին:
«Միջուկային գործարքը կնքուած է այն հիմքով, որուն շուրջ համաձայնութեան եկած են: Այդ է գործարքը, որ կնքուած է: Միացեալ Նահանգները պէտք է ընդունի այն: Մենք որոշեր ենք չհամաձայնիլ որոշ գործողութիւններու ոչ թէ որովհետեւ կ'անտեսենք զանոնք, այլ այն պատճառով, որ ԱՄՆ-ն եւ անոր դաշնակիցները պատրաստ չէին ընելու այն, ինչ անհրաժեշտ էր: Պատրաստ է արդեօ՞ք ԱՄՆ-ն դադրեցնելու զէնքի վաճառքը տարածաշրջանին մէջ»,- ըսած է Զարիֆը:
«Եթէ ԱՄՆ-ն կ'ուզէ խօսիլ մեր պաշտպանութեան մասին… արդեօք ԱՄՆ-ն պատրաստ է նուազեցնելու հարիւրաւոր միլիառ տոլարներու զէնքի վաճառքը մեր տարածաշրջանին մէջ: Արդեօք ԱՄՆ-ն պատրաստ է դադրեցնելու երեխաներու կոտորածը Եմէնի մէջ, եթէ կ'ուզէ խօսիլ Եէմէնի մէջ տիրող իրավիճակի մասին»,- աւելցուցած է իրանցի նախարարը:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ