Իսրայէլ- Հրեայ պատմաբան Պէնի Մորիս (Ծն.1948) խորհուրդ տուած է Բէնիամին Նաթանիահուն փոխարինող նոր վարչապետ մը կարգել: Ան նաեւ ըսած է, որ Իսրայէլի տէրութիւնը լրջօրէն վտանգուած է եւ ներկայիս կը գտնուի անտեսման փուլի մը մէջ: Մորիս նաեւ ըսած է, թէ Իսրայէլ պէտք է արագ զիջումներու երթայ եւ ընդունի ԱՄՆ նախկին նախագահ Պիլ Քլինթընի իշխանութեան օրերուն առաջադրուած «երկու տէրութիւններու» լուծման ձեւաչափը: Ըստ Հրեայ պատմաբանին եթէ Իսրայէլ կարեւոր զիջումներ չկատարէ ապա անոր պետութիւնը ամենաշատը երկու սերունդ ետք կրնայ հիմնովին վերանալ:Նշենք, որ Մորիսի խօսքերը փոխանցուած են «Ալ Քուտս» կայքին կողմէ: