image
Հրատապ լուրեր:

Վրաստանի նախագահական ընտրութիւնները դէպի երկրորդ փուլ

Վրաստանի նախագահական ընտրութիւնները դէպի երկրորդ փուլ

Վրաստանի մէջ կիրակի իրականացուած նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքով նախագահի անկախ թեկնածու Սալոմէ Զուրապիշվիլին, որուն կ'աջակցի երկրի մէջ իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը, հաւաքած է 50%-է պակաս ձայն՝ 38,6%: Այդ մասին, ինչպէս կը յայտնէ ՌԻԱ Նովոսթի գործակալութիւնը, ըսուած է երկրի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կայքին մէջ՝ ձայներու 98,25% տոկոսի հաշուարկէն ետք:


Ընդդիմութենէն թեկնածու Կրիկոլ Վաշաձէն հաւաքած է 37,75% ձայն: Ան Զուրապիշվիլիի հետ դուրս եկած է նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլ: Նշենք, որ առաջին փուլին նախագահ ընտրուելու համար հարկաւոր էր 50% ձայն հաւաքել:


Վրաստանի մէջ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը եղած է 46,74%: Նախընտրական պայքարին մասնակցած է 25 թեկնածու:


Սա կը համարուի ուղիղ քուէարկութեան միջոցով վերջին ընտրութիւնները, 2023 թուականէն երկրի ղեկավար կ'ընտրեն 300 պատուիրակները: