Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութեան ղեկավար Տմիթրի Մետվետեւի հրաէրով 24 յունուարին երկօրեայ պաշտօնական այցով կը մեկնի Ռուսաստանի Դաշնութիւն: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ կառավարութեան լրատուական ծառայութենէն։
Այցի ծիրէն ներս Կարէն Կարապետեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ ՌԴ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւին հետ: Կը նախատեսուի հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգի քննարկում: Վարչապետները պիտի անդրադառնան նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրէն ներս երկու երկիրներու ինտեգրացիոն համագործակցութեան, որ կը նպաստէ տարբեր ուղղութիւններով հայ-ռուսական փոխգործակցութեան ամրապնդման եւ խորացման: