image

Վանաձորի մէջ 2 տարեկան փոքրիկ մը մահացած է

Վանաձորի մէջ 2 տարեկան փոքրիկ մը մահացած է

31 Յունուարին Վանաձոր քաղաքի Շիրակի խճուղիի շէնքերէն մէկուն բնակարանին մէջ 2 տարեկան 3 ամսական տղայ երեխայ մահացած է:  Դէպքի փաստով Հայաստանի քննչական կոմիտէի Լոռիի մարզային քննչական վարչութենէն ներս քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է։

Այս մասին յայտնած է SHAMSHYAN.com-ը:

Գ. Շամշեանի տեղեկութիւններով՝ այդ օրը, ժամը 04։00-ին «Վանաձոր» հիւանդանոցի բժիշկներու հերթապահ խումբը կանչով մեկնած է նշուած հասցէ, ուր պարզուած է, որ ժամը 03։30-ի սահմաններուն երեխան մահացած է։

Քննիչի կողմէ նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն։