image
Հրատապ լուրեր:

Տինքի Յիշատակին Նուիրուած Մոմավառութիւն Երեւանի Մէջ (Լուսանկարներ)

Տինքի Յիշատակին Նուիրուած Մոմավառութիւն Երեւանի Մէջ (Լուսանկարներ)

Երեւանի Հանրապետութեան Հրապարկի մէջ այս պահուս տեղի կ'ունենայ Հրանդ Տինքի սպաննութեան 9-րդ տարելիցին նուիրուած մոմվառութիւն:

Ոգեկոչման հանդէսը սկիզբ առած էր այսօր, ժամը 17:00-ին Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքի առջեւ, ուր հաւաքուած խումբը նախքան մոմավառութեան վայր մեկնիլը, իրականացուցած է ստորագրահաւաք, Երեւանի թաղամասերէն մէկը Տինքի անունով կոչելու գրաւոր կոչին տակ, զայն Քաղաքապետարան ներկայացնելու համար:


 

Այնուհետեւ Քաղաքապետարանի շէնքի առջեւէն կազմակերպուած երթին մասնակցելով, ոգեկոջող խումբը հասած է Հանրապետութեան հրապարակ, ուր սկսած է Տինքի յիշատակի մոմավառութեան արարողութիւնը:

 

 

 

Նշենք, որ այսօր, Տինքի սպաննութեան 9-րդ տարելիցին յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւններ իրականացուած են նաեւ Պոլսոյ, Անգարայի եւ Պուրսայի մէջ, ինչպէս նաեւ միջոցառումներ  նախատեսուած էին  տարբեր երկիրներու՝ Գերմանիոյ, Շուէտի, Գանատայի եւ Ֆրանսիայի մէջ:

 

Լուսանկարները՝ Լարա Ահարոնեանին