Վանի թանգարանի տնօրէն Ֆաթիհ Արապը եւ տեղի համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի հնէաբանութեան բաժնի ղեկավար, փրոֆեսոր Ռաֆեթ Չաւուշօղլուն տարածաշրջանի պատմական կառոյցներու ամրապնդման ուղղուած աշխատանքներու ծիրէն ներս հետազօտութիւն իրականացուցած են որպէս մշակութային անշարժ ժառանգութիւն գրանցուած Մադավանքի տարածքին։
Աշխատանքներու ընթացքին Վանայ լճի ջուրի մակարդակի իջնելու հետեւանքով յայտնաբերուած է ուրարտական շրջանի գերեզմանոց մը, որ ունի 3 առանձին սենեակատիպ հատուած։
Հետազօտողներէն Չաւուշօղլուն նշած է, որ ուրարտական շրջանին յատուկ դասական գերեզմանոց է, ուր մէջտեղի սենեակը համեմատաբար մեծ է, իսկ յարակից սենեակները փոքր: Գերեզմանի պատի վրայ յայտնաբերուած է 3 բացուածք, որ նախատեսուած եղած է նուէրներու համար:
Հնէաբանները նշած են, որ առաջին անգամ է նմանատիպ գերեզմանոց կը պեղեն։