image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Գիտէին, Որ Հայերը Կը Վախնան Եւ Ատոր Համար Սպաննեցին Հրանդ Տինքը. Փինար Սելեք

Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Գիտէին, Որ Հայերը Կը Վախնան Եւ Ատոր Համար Սպաննեցին   Հրանդ Տինքը. Փինար Սելեք

Թուրք  գրող Փինար Սելեք Երեւանի մէջ պատասխանեց «Արեւելք»ի հարցումներուն

«Հրանդ Տինքի սպաննութիւնէն ետք Թուրքիոյ մէջ      երեւան եկած  շարժումը      այդ պահու արտայայտութիւնը չէր, այլ շարունակութիւնն էր իրավիճակի մը, որ խմորուած էր   Հրանդի  սպաննութիւնէն առաջ»: «Արեւելք»ին ըսաւ    թուրք գրող  Փինար Սելեք: Անոր կարծիքով այդ  բոլորը մրջիւններու աշխատանք էր  եւ  ատոր  արդիւնքները  անհնար է   մէկ անգամէն տեսնել:  Ըստ  Սելեքի, Թուրքիոյ  մէջ  կար  ու  տակաւին կայ ազգայնականներու  կողմէ  գործադրուող ճնշում  եւ անոնք տարբեր թաքթիքներ  օգտագործելով  կը շարունակեն  տարբեր մարդիկ  կարեւոր պաշտօններու  հասցընել:  «Թուրքիոյ մէջ  եղող ազգայնական ծայրայեղականները     փորձած են  ստեղծել  վախի  մթնոլորտ, այդպիսով ընդհանուր իրավիճակը վերահսկելու համար: Անոնք գիտէին, որ հայերը կը վախնան,  ատոր համար սպաննեցին  Հրանդը, բայց քանի որ «մրջիւնները»  արդէն   կ'աշխատէին  եւ  արդէն յուզական աշխարհը կար  այդ   պատճառով էր, որ ամբողջ աշխատանքը պտուղ տուաւ»:  Ան նաեւ ըսաւ. «Միշտ կան յոյզեր, որ մէկ անգամէն կը  ժայթքեն, բայց, Հրանդ Տինքի սպանութիւնէն յետոյ,   մարդիկ հաւաքուեցան, եւ  անոնց  միասնութիւնը  արդիւնք էր նոյն  գաղափարներու  հանդէպ առկայ  հաւատքի մը»:  Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ այսօրուան   իրավիճակին`   Փինար  Սելեք  իրադրութիւնը  համարեց շատ  վտանգաւոր:  Ան այս առումով ըսաւ.  «Ինչ, որ  այսօր տեղի կ'ունենայ  Թուրքիոյ մէջ, շատ վտանգաւոր է,   եւ ատոր համար է, որ  մենք միջազգային համերաշխութեան կարիքը ունինք,  եւ   կարելի չէ  սպասել տեղական ուժերու  փոփոխութիւններուն ու  պէտք է  բոլորին  միասնական կեցուածքն ու զօրակցութիւնը»: Թուրք աքթիւիսթը.  որ վերջերս Երեւան ժամանած էր ներկայացնելու համար իր՝ «Որովհետեւ Հայ Են»   հատորի հայերէն թարգմանութիւնը, խօսելով գրքի խորագրին մասին  ըսաւ.  «Ես  գրքիս  համար  այդ վերնագիրը  ընտրեցի,  փարատելու համար  իմ մէջ եղած բոլոր  հարցադրումները: Մանկութիւնէս  ի վեր անընդհատ  լսած եմ «Որովհետեւ հայ են»   նախադասութիւնը: Թուրքիոյ մէջ  այս  նախադասութիւնը   հնչած է  յաճախ եւ  տարբեր նախադասութիւններ ու մտքեր  վերջ գտած են  «Որովհետեւ  անոնք հայ են»  խօսքով: Յետոյ, երբ ես պատասխանները կը  լսէի,  սկսայ հասկնալ, թէ ինչ կը նշանակէ  հայ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ  ու սկսայ հասկնալ տարբերութիւնը իմ ու հայերուն  միջեւ:  Սկսայ  հասկնալ, որ     Թուրքիոյ ընկերային  համակարգին   մէջ  մենք միեւնոյն վայրը չենք գտնուիր: Այս հարցին պատասխանելով`  ես վերակառուցեցի իմ հայեացքները, ինչպէս նաեւ ես ինքզինքս   կերտեցի: Այդ հարցադրումներուն պատասխանելով  ես  գացի   դէպի  այլ  հարցադրումներ: «Որովհետեւ   Հայ Են», ինչո՞ւ    է այդպէս: Ես սկսայ  հասկնալ այն համակարգը, որ կառուցած է  նաեւ իմ հայեացքները  ու հասկցայ, որ այդ ամէն ինչը  ինծի փոխանցուած է   համակարգուած ձեւով մը  ու շատ բաներ կառուցուած են ժխտման քաղաքականութեան  վրայ: Հիմա  հարցումս    էր, թէ  ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս  կը գործէ այդ ժխտման համակարգը: Նկատեցի   տարբեր գործօններ, որ իրար հետ փոխկապակցուած են, միջազգային գործօններ, ազգային գործօններ եւ այլ տարբեր գործօններ, բայց հիմա արդէն  այլ մարդ եմ  եմ եւ  այլ հարցեր կ'առաջադրեմ: Ինծի համար  ներկայ հանգրուանին   արդարութեան   յաղթանակումը     գլխաւոր  օրակարգն է»: