Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի խնդրանքով 4-5 յունիսին Քոսովօ կ'ուղարկէ յատուկ նշանակութեան ուժերու գումարտակ։
Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը․-
«Քոսովոյի իրադարձութիւններէն յետոյ, ՆԱԹՕ-ի ուժերու հրամանատարութեան խնդրանքով, 65-րդ մեխանիզացուած հետեւակային զօրախումի գումարտակը տեղակայուեցաւ որպէս պահեստային ստորաբաժանում, որ նախապէս յատկացուած էր ՆԱԹՕ-ի ուժերուն Քոսովոյի համար»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։