Սուրիա («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն) Իրանեան եւ թրքական ճիգերը երէկ արդիւնաւէտ դարձան երբ հակամարտող կողմերը առժամեայ հրադադար յայտարարեցին թէժ մարտերու հանդիսավայր դարձած երեք հիմնական շրջաններու մէջ: Այս մասին գրած է «Ալ Հայաթ»ը նկատել տալով նաեւ, որ եռօրեայ հրադադարը կ'ընդգրկէ անցնող օրերուն թէժագոյն մարտերու ականատես դարձած Զապատանի, Քըֆրայա եւ Ալ Ֆուհա շրջաններուն մէջ: Աղբիւրը նաեւ նկատել տուած է, որ Պոլսոյ մէջ ընթացող բանակցութիւնները եղած են թրքական եւ իրանեան հովանաւորութեամբ: Բանակցութիւններուն Սուրիոյ ընդդիմութիւնը ներկայացուցած է «Ահրար Ալ Շամ»ը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ընդդիմադիր զինեալներ մտադիր են հեռանալ «Ալ Զապատանի» շրջանէն: Նշենք, որ այս առաջին անգամն է, որ իրանեան մասնակցութեամբ հրադադար մը կը կնքուի: Թերթը նաեւ կը գրէ, որ Իրանի համար շատ կարեւոր է ապահովել Շիիթ սուրիացիներով բնակեցուած Քըֆրայա եւ Ալ Ֆուհա շրջանները, որոնք անցնող օրերու ընդդիմադիր ջոկատներու կրակէտներուն հիմնական թիրախը դարձած են: Քաղաքական գետնի վրայ եւ միշտ ըստ «Ալ Հայաթ»ին կը հաղորդուի, որ սոյն հրադադարը ճանապարհ պիտի հարթէ Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի պատուիրակ Սթեֆան Տէմիսթուրային, որպէսզի վերջինս Սուրիա այցելէ եւ ՄԱԿ-ի ապահովութեան առջեւ ներկայացուելիք նոր տեղեկագիր մը պատրաստէ: Նշենք, որ այս հրադադարը տեղի կ'ունենայ ճիշդ այն պահուն, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ժաուատ Զարիֆ Դամասկոս կ'այցելէ: Իրանեան դիւանագիտութեան պետը երէկ հանդիպում ունեցած էր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հետ: