image

Թրքական հողերէ հրթիռներ՝ Գամիշլիի հայկական թաղամասերուն վրայ. աղբիւր

Թրքական  հողերէ հրթիռներ՝ Գամիշլիի հայկական թաղամասերուն վրայ. աղբիւր

Գամիշլիի    հայկական  թաղամասերը   հրթիռարձակման ենթարկուած են:  Այս մասին «Արեւելք»   տեղեկութիւն  ստացաւ  Գամիշլիի իր  աղբիւրէն, որ  նաեւ նշեց, թէ հրթիռները նետուած են թրքական  հողերէ:  Մեր աղբիւրը նաեւ   նշեց, որ  հրթիռարձակումներուն հետեւանքով ծանր վնասներ կրած են հայաբնակ  թաղամասերը: Մարդկային  զոհերու մասին  տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր: Մեր  աղբիւրը նաեւ  յայտնեց, որ երէկ ահաբեկչական մեծ պայթում մը որոտացած է Գամիշլիի  մէջ,  որուն հետեւանքով եւ  նախնական տուեալներով զոհուած  են 5  քիւրտ բնակիչներ:  Մինչեւ այս պահը, որեւէ կողմ չէ ստանձնած պայթումին  պատասխանատուութիւնը եւ քաղաքին մէջ  իրադրութիւնը կը մնայ  զգուշաւոր:  Նշենք, որ   տասը օր առաջ  ծանր բախումներ  գրանցուած էին մէկ կողմէ տեղի արաբ,  եւ միւս կողմէ՝  քիւրտ  զինեալներուն  կողմէ: Երկու կողմերը  ունեցած էին մարդկային ծանր  կորուստներ: Սուրիոյ կառավարութեան   ճիգերուն  շնորհիւ  աւելի ուշ հաստատուած էր հրադադար, սակայն մինչեւ այս պահը շրջանին մէջ     լարուած իրավիճակ  կը տիրէ:    Մեր աղբիւրը կը հաւաստէ, որ հայկական  կողմը կը շարունակէ  ապահովել շրջանի հայ  բնակչութեան  անվտանգութիւնը: