Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի հայրական կոչին, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի եւ գլխաւորութեամբ Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանին, Սուրիոյ Ճէզիրէ շրջանի (Գամիշլի, Հասիչէ եւ Տէրիք) ազգային մարմիները, իրենց գաղութէն ներս, դրամահաւաք կազմակերպեցին՝ ի նպաստ սուրիահայ եւ մասնաւորաբար hալեպահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն։
Յիշեալ գաղութներու հաւատացեալները կ՚աղօթեն առ բարձեալն Աստուած, որ Տէրը Սուրիան եւ Սուրիոյ մէջ ապրող մեր հաւատացեալները պահէ Իր Սուրբ Աջով։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութիւն