image
Հրատապ լուրեր:

Ճափոն Ուքրանիոյ պիտի տրամադրէ 3,3 միլիառ տոլարի վարկ

Ճափոն Ուքրանիոյ պիտի տրամադրէ 3,3 միլիառ տոլարի վարկ

Ճափոնը կը նախատեսէ Ուքրանիոյ տրամադրել 3,3 միլիառ տոլարի վարկ՝ օգտագործելով Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ պատժամիջոցներու շրջածիրէն ներս սառեցուած ռուսական ինքնիշխան աւանդներու տոկոսները: Այս մասին գրած է Kyodo-ն՝ դիւանագիտական աղբիւրներուն յղումով։

Նշուած է, որ «Մեծ եօթնեակի» անդամներն Իտալիոյ մէջ յունիսին կայացած գագաթնաժողովի ժամանակ  համաձայնութեան եկած են Ուքրանիոյ որպէս աջակցութիւն 50 միլիառ տոլար յատկացնելու վերաբերեալ:

Կ՚ակնկալուի, որ ԱՄՆ-ը եւ Եւրոմիութիւնը կը տրամադրեն 20-ական միլիառ տոլար, իսկ Ճափոնը, Մեծն Բրիտանիան եւ Գանատան՝ 10 միլիառ տոլար: