image

Տ. Գրիգոր- Պետրոս Ի. Պատրիարք Կապրոյեան Կը Շարունակէ Շնորհաւորութիւններ Ընդունիլ

Տ. Գրիգոր- Պետրոս Ի. Պատրիարք Կապրոյեան Կը Շարունակէ Շնորհաւորութիւններ  Ընդունիլ

Լիբանան-  Հայ Կաթողիկէ    Նորընտիր Պատրիարքը կը շարունակէ իր    Ժահթաուիի նստավայրէն ներս  շնորհաւորական այցեր ընդունիլ:  Պատրիարք հայրը, Երկուշաբթի 3 օգոստոս 2015-ին,  ընդունած է Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան մեծ ընտանիքը, որ  պատրիարաքարան հասած է  շնորհաւորական այցելութիւն մը տալու:   Հանդիպման ընթացքին ժողովրդապետութեան  անունով խօսք առնողներուն մէջ եղած է    Հայր Սեպուհ Վարդապետ Կարապետեանը եւ  պատասխանատու  այլ անձնաւորութիւններ: