Ըստ The Washington Post-ին, սուրիացի որոշ փախստականներ, որոնք Գանատա հասած եւ տեղաւորուած են կառավարութեան ծրագրին միջոցաւ, կը պայքարին յարմարուելու համար իրենց նոր միջավայրին:
Գանատան անցեալ ամիս համաշխարհային զգալի հռչակ ունեցաւ մանաւանդ այս տարուան համար 25,000 սուրիացի փախստականներու կարգաւորման գործընթացը սկսելէն ետք:
Վերջերս ընտրուած Լիպերալ կառավարութեան վարչապետ Ճասթին Թրուտո ջանքեր տարաւ համատեղելու երկու՝ ե՛ւ պետական ե՛ւ մասնաւոր հաստատութիւններու նախաձեռնութիւնները, յաջողցնելու համար փախստականներու ընդունման եւ տեղաւորման գործը: Դեկտեմբեր 2015-ի կէսերուն, Թորոնթոյի օդակայանէն ներս, Թրուտոյ անձամբ դիմաւորեց Սուրիայէն ժամանած առաջին խումբերը:
CBC-իի զեկոյցը, որու մասին կը հաղորդէ «Ուաշինկթըն Փոսթ», մանրամասնօրեն կը ներկայացնէ կառավարութեան կողմէ հիւրընկալուած խումբ մը սուրիացի փախստականներու վիճակը, որոնք տեղաւորուած են կառավարական պիւտճէի համաձայն նախատեսուած հիւրանոցի մը մէջ, Թորոնթո: Փախստականներէն ոմանք բողոքած են կամաւորներուն, որ իրենք իրենց բանտարկուած կը զգան եւ մատնուած կը զգան անօգնական վիճակի:
Հիւրանոցէն ներս աշխատող կամաւորականներէն Virginia Johnson-ը այս մասին խօսելով յայտնած է, որ փախստականները արդէն շաբաթներէ ի վեր կը գտնուին հիւրանոցէն ներս եւ պատկերացում չունին, թէ երբ պիտի կարենան հեռանալ հոնկէ: Կառավարութեան կողմէ հովանաւորուած 85 փախստականներուն մէկ մասը ըսած են, որ իրենք բաւարար օգնութիւններ չեն ստանար, եւ կը նախընտրեն վերադառնալ Յորդանանի եւ Լիբանանի մէջ իրենց փախստականներու քէմփերը:
Անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները կրնան աւելի նուազ ըլլալ, համեմատած իրենց հայրենիքի մէջ պատերազմական վիճակի դժուարութիւններուն, բայց անօգնականութեան եւ մեկուսացման զգացումը օտար հողի վրայ, կը խեղճացնէ զանոնք, նշած է կամաւորը: Փախստականները, որ վարժ չէին Գանատայի ձմռան ցուրտին, բողոքներ ներկայացուցած են իրենց աջակցութեան եւ բժշկական օգնութեան բացակայութեան համար: Էտմընթնի մէջ անցեալ շաբաթ, քանի մը տասնեակ սուրիացի փախստականներ տառապած են կռիփէ, աւելցուցած է կամաւորը:
Լրագրողներու հաղորդմամբ, սուրիացի փախստականներ Գերմանիոյ եւ Ուրուկույէի նման հեռաւոր վայրերու մէջ խօսած են իրենց նոր հայրենիքներուն մէջ ցաւ պատճառող օտարման զգացումի մասին, ոմանք նոյնիսկ փորձած են ետ վերադառնալ:
CBC-ի տուած հարցազրոյցին հիւրանոցի մէջ մնացող սուրիացի մայր մը՝ Զայնապ Ատրի Ապու Ռուքտին, թարգմանիչի օգնութեամբ խօսելով ըսած է. «Մեզի ըսուած էր, որ երբ հասնինք առաւելագոյնը միայն երեք-չորս օր հիւրանոց պիտի մնանք, սակայն, այդպէս չեղաւ, եւ մենք արդէն 10-11 օրէ ի վեր այստեղ ենք, եւ տակաւին կ'ըսուի, որ մեր հոս մնալը աւելի պիտի երկարի: Խնդիրն այն է, որ մենք երեխաներ ունինք, եւ նախընտրելի է, որ անոնք գտնուին դուրսը, տունի մէջ, քան թէ հիւրանոցի»: Զայնապ աւելցուցած է նաեւ ըսելով «Մենք կը զգանք, որ մեր երեխաները այստեղ պատժուած են, ամբողջ օրը անոնք միայն մէկ սենեակ մը կ'երթան ճաշելու, ապա կը վերադառնան իրենց սենեակը քնանալու: Մեր երեխաներ խաղալու տեղ չունին, ոչ ալ դուրս երթալու: Մենք կը զգանք, որ բանտարկեալի նման յայտնուած ենք բանտի մէջ»:
Այս կապակցութեամբ կամաւորներ նշած են CBC-ին, որ բոլոր փախստականներու կարգավիճակը նոյնը չէ, տարբերութիւն կայ մասնաւոր հովանաւոր ունեցող եւ կառավարութեան հովանաւորութեամբ ժամանած գաղթականներուն միջեւ, որոնց կառավարութեան կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը ըստ երեւոյթին հիմնուած է խնայողական ծրագրի վրայ:
«Toronto Sun»-ի քննադատական սիւնակը այս շաբաթ կոչ ըրած է դաշնային կառավարութեան՝ փախստականներուն համար աւելի շատ ապաւինիլ բարեգործական եկեղեցիներու եւ ընտանիքներու աջակցութեան վրայ, հատուցելու համար կառավարութեան թերացումները: Այս բոլորէն անդին սակայն երեւելի է, որ գաղթականներու մեծ տոկոս մը կայ, որ չդիմանալով այս պայմաններուն կը փափաքի դարձեալ Միջին Արեւելեան երկիրներ վերադառնալ: