image

Շիրակցի գերիներու հարազատները դադրեցուցին բողոքի նստացոյցը

Շիրակցի գերիներու հարազատները դադրեցուցին բողոքի նստացոյցը

Շիրակցի գերիներու ծնողներն ու հարազատները դադարեցուցած են կառավարութեան մօտ իրենց բողոքի նստացոյցը։

Նշենք, որ անոնք երէկուընէ կառավարութեան շէնքի առջեւ էին։ Գերիներու հարազատները կը պահանջեն, որ քայլեր իրականացուին եւ հայրենիք վերադառնան Ատրպէյճանի մէջ պահուող գերիները։

«Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցի ժամանակ գերիներէն մէկու հարազատը ըսած է` որոշած են դադրեցնել նստացոյցը։

«Մենք վերադառնում ենք Գիւմրի, մեզ այդպէս էլ որեւէ մէկը չընդունեց։ Դեռ չգիտենք, թէ ինչ ենք անելու հետագայում»,- ըսած է տղամարդը։

Յիշեցնենք, որ Շիրակցի զինծառայողները գերեվարուած են 2020-ի 16 դեկտեմբերին` Խծաբերդի մէջ, եռակողմ յայտարարութենէն ետք: Անոնց մէկ մասն արդէն հայրենիք վերադարձած է։