Ամերիկեան «New Yorker» թերթը յօդուածով մը անդրադարձած է Եգիպտոսի մէջ օրեր առաջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման տարածման:
Յօդուածագիրը նշած է, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման կրած պարտութենէն ետք Եգիպտոսի Սինաա նահանգը դարձած է ահաբեկչական խմբաւորումներուն, այդ թուին՝ «Տահէշ»ի դէմ պայքարի առաջին գիծի:
Թերթը յիշել տուած է նաեւ, որ 2013 թուականէն ի վեր ահաբեկչութիւնը լայնօրէն տարածուած է Եգիպտոսի եւ մանաւանդ Սինաա նահանգին մէջ, որ անցնող չորս տարիներու ընթացքին մեծ թիւով ահաբեկչական յարձակումներու ենթարկուեցաւ:
Ըստ Ուաշինկթընի մէջ գործող «Woodrow Wilson» կեդրոնի տուեալներուն, «Տահէշ»ի օտարերկրացի անդամները, որոնց մեծ մասը կը կազմեն լիպիացիք, մարոքցիներ ու եւրոպացիներ, Սինաա տեղափոխուեցան, ուր 2017 թուականի կէսերէն պայքարող ուժի 80 տոկոսը կը կազմեն:
Յօդուածի աւարտին յօդուածագիրը նշած է. «Հաւանաբար Սիսի իր իշխանութիւնը սփռէ երկրին վրայ, որպէս Արաբական Աշխարհի ամէնէն ուժեղ ղեկավարը, սակայն անոր ռազմավարութիւնը Սինաայի մէջ պիտի չգործէ»: