image

Սարքոզի Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Քրէականացման Մասին Խօսած է

Սարքոզի   Հայոց Ցեղասպանութեան    Ժխտման  Քրէականացման Մասին  Խօսած է

Ֆրանսայի նախկին  նախագահը   Հայոց Ցեղասպանութեան    Ժխտման  Քրէականացման Մասին  Խօսած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ Փարիզի  «Նոր Յառաջ»ը  գրելով, թէ   16  Մարտին, Անդրծովեան Ֆրանսացիներու ներկայացուցչական յանձնախումբի (Crefom) ընթրիքին  ընթացքին խօսք առնելով Ֆրանսայի նախկին  նախագահ   Նիքոլա Սարքոզի  անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման  քրէականացման    մասին դիտել տալով, որ ինք կողմնակից է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին պատժելիութիւնը նախատեսող օրէնքի մը որդեգրման:

Նշենք, որ Սարքոզիի  նախագահութեան տասը տարիներու ընթացքին չառնուեցաւ այդ քայլը եւ Վալէրի Պուայէի կողմէ  ներակացուած    օրէնքն ալ Սահմանադրական խորհուրդէն ետ վերադարձուեցաւ: Հարցին նկատմամբ նոյն կեցուածքը յայտնեց, թէ՛ իր ընտրութենէն առաջ եւ թէ անկէ ետք եւ թէ այդ մասին խոստումներ ալ ըրաւ ներկայի նախագահ Հոլանտ եւս, որու պաշտօնի աւարտին միայն մէկ տարի մնացած է:

 Նշենք, որ Անդրծովեան Ֆրանսացիներու այս երկրորդ ընթրիքին մասնակցած են բազմահարիւր անձեր, նաեւ բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, ինչպէս Ֆրանսայի  վարչապետ Մանուէլ Վալս,  Կրթութեան նախարարուհի Նաժատ Վալօ-Պէլքասէմ, Իլ-տը-Ֆրանսի Շրջանային խորհուրդի նախագահուհի Վալերի Փեքրէս, CCAF-ի համանախագահները՝ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան:  

Նիւթի աղբիւր՝ «Նոր Յառաջ»