Սահմանին Վրայ Իրավիճակի Վատթարացման Պատասխանատուութիւնը Կ'իյնայ Ազրպէյճանի Վրայ. ՀՀ ՊՆ

Սահմանին Վրայ Իրավիճակի Վատթարացման  Պատասխանատուութիւնը Կ'իյնայ  Ազրպէյճանի Վրայ. ՀՀ ՊՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան    Պաշտպանութեան   նախարարութիւնը  Արցախեան  սահմանին վրայ   իրավիճակի վատթարացման   եւ յաւելեալ լարուածութեան   ստեղծման ամբողջական պատասխանատուն կը համարէ   հակառակորդ կողմը:  Նոյն աղբիւրը նաեւ  կը յայտնէ, որ ազրպէճանեան ուժեր փորձած են   ներթափանցում կատարելով գրաւել հայկական դիրքեր  եւ  ձախողելէ  ետք  ետ մղուած  ու ստացած արժանի  հակահարուած: Հայկական կողմը կարգ մը կէտերու մէջ իրականացուցած է   հակագրոհներ   ոսոխին տալով  համապատասխան հարուած:  Ինչպէս նշած էինք   վար առնուած է   ազրպէյճանական ուղղաթիռ մը: Կը սպասուին լրացուցիչ  տեղեկութիւններ: