image

Սահմանին նոր զոհ՝ Աշոտ Շաւարշ Զոհրապեան

Սահմանին նոր  զոհ՝  Աշոտ    Շաւարշ Զոհրապեան

Հակառակորդի հերթական  խախտումներուն հետեւանքով   Արցախի Մարտունի շրջանին մէջ   հայկական կողմը     նոր զոհ  ունեցած  է: Նահատակուած զինուորը կը կոչուի Աշոտ Շաւարշ Զոհրապեան:  Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցուած է  ԼՂՀ  Պաշտպանութեան  Նախարարութեան կողմէ, որ նաեւ կը   յայտնէ, թէ  հակառակորդը տարբեր սահմանային  հատուածներու  ուղղութեամբ արձակած է 60,82 եւ  120  միլիմեթր   տրամաչափի հրթիռներ: Հայկական ստորաբաժանումները  կանխարգելիք գործողութիւններ կ'իրականացնեն` լռեցնելու համար  թշնամիի  կրակակէտերը: