Արցախեան շփման գծին վրայ երէկ հակառակորդը փորձած է հերթական անգամ հատել սահմանային գիծը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցուի ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ, որ նաեւ կը յաւելէ, թէ թշնամին յարձակման արդիւնքով տուած է 2 զոհ մինչ հայկական կողմը կորուստներ չունի: Հայկական սահմանապահ զօրքերը կը շարունակեն պահպանել շրջանի ընդհանուր անվտանգութիւնը: