Սահմանին խախտումները աճ արձանագրած են. Թշնամին արձակած է 2000 կրակոց

Սահմանին խախտումները աճ արձանագրած են. Թշնամին արձակած է 2000 կրակոց

Անցած գիշեր իրադրութիւնը արցախեան սահմանին մնացած է լարուած: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան ՊՆ մամլոյ ծառայութենէն։

Հակառակորդը սահմանի ամբողջ երկայնքով ականանետերէ, նռնականետերէ ու խոշոր տրամաչափի գնդացիրներէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 145 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 2000 կրակոց: 

Յատկապէս մեծ թիւով խախտումներ արձանագրուած են շփման գիծի արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան ուղղութիւններով, ուր ազրպէյճանական զինուժը ականանետերէ ու տարբեր տիպի նռնականետերէ արձակած է 111 արկ: